2015-11-26 09:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Աստուած մեզի կ᾿ըսէ մի վախնաք''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 26 նոյեմբերին, Քենիայի ժամով  առաւօտեան 10.15ին (Հռոմի ժամով 8.15) Նայրոպի քաղաքի համալսարանի բացօթեայ տարածքին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ  մատուցեց, նուիրուած՝ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան, որուն ներկայ գտնուեցան հազարաւոր հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ

''Աստուծոյ խօսքը մեր սրտի խորքը կը թափանցէ։ Այսօր Աստուած մեզի կ᾿ըսէ՝ թէ Իրեն կը պատկանինք։ Ան մեզ ստեղծած է, մենք Անոր ընտանիքն ենք եւ Ան մեզի համար միշտ ներկայ է։ Ան մեզի կ᾿ըսէ՝ «մի վախնաք, ես ձեզ ընտրեցի եւ խոստացայ ձեզի տալ իմ օրհնութիւնս (հմմտ. Ես ԽԴ. 2-3) Այս խոստումը լսեցինք օրուան ընթերցուածին մէջ։ Տէրը մեզի կ᾿ըսէ՝ թէ անապատի ծարաւուտ երկրին մէջ ջուր պիտի յորդեցնէ։ Ան իր ժողովուրդը պիտի ծաղկեցնէ փարթամ ուռենիներու նման։ Գիտենք, որ այս մարգարէութիւնը կատարուած է Սուրբ Հոգիի հեղումով՝ Պենտեկոստէի օրը։ Սակայն կը տեսնենք նաեւ, թէ այդ կը կատարուի ամէն տեղ՝ ուր Աւետարանը կը քարոզուի եւ նոր ժողովուրդներ Աստուծոյ ընտանիքին անդամ կը դառնան, կ᾿ըլլան Եկեղեցի։

Այսօր կ᾿ուրախանանք, որովհետեւ այս կատարուածը կը տեսնենք այս երկրի վրայ։ Աւետարանի քարոզումով՝ նաեւ դուք մասնակից եղած էք քրիստոնեայ մեծ ընտանիքին։ Եսայեայ մարգարէութիւնը մեզ կը հրաւիրէ նայիլ մեր ընտանիքներուն եւ գիտակցիլ՝ թէ որքան կարեւոր են Աստուծոյ ծրագրին մէջ։ Քենիայի ընկերութիւնը մեծապէս օրհնուած է ընտանեկան տոկուն կեանքով, խոր յարգանքով՝ ծերերու իմաստութեան, եւ սիրով՝ մանուկներու հանդէպ։ Որեւէ հասարակութեան մը առողջութիւնը կախեալ է ընտանիքի առողջութենէն։ Անոնց եւ հասարակութեան բարիքին համար, Աստուծոյ խօսքին հանդէպ հաւատքը մեզ կը կոչէ պահել ընտանիքները իրենց առաքելութեան մէջ՝ ընկերութենէն ներս, ընկալելու երեխաները իբր օրհնութիւն երկրին եւ պաշտպանել իւրաքանչիւր մարդ եւ իւրաքանչիւր կին, որովհետեւ մենք բոլորս մարդկային միակ ընտանիքէն ներս՝ եղբայրներ եւ քոյրեր ենք։

Հնազանդ Տիրոջ խօսքին՝ կոչուած ենք նաեւ դիմադրել վարուելակերպերու, որոնք կը նպաստեն ամբարտաւանութիւնը մարդոց մէջ, կը վիրաւորեն եւ կամ կ᾿արժեզրկեն կիները, եւ կը սպառնան տակաւին ոչ ծնեալ անմեղներու կեանքին։ Կոչուած ենք յարգելու իրար եւ քաջալերել իրար փոխադարձաբար, եւ հասնիլ այն բոլոր կարիքաւորներուն։ Քրիստոնեայ ընտանիքները այս յատուկ առաքելութիւնը ունին՝ արտացոլալու Աստուծոյ սէրը եւ Անոր Հոգիին կենսատու ջուրը հեղուլ։ Սա յատկապէս այսօր հարկաւոր է՝ որովհետեւ կը նպաստենք նոր անապատներու յառաջացման, որոնք ստեղծուած են նիւթապաշտութեան եւ ուրիշներու հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութեան մշակոյթի մը կողմէ։

Այստեղ, այս Համալսարանի սրտին մէջ, ուր նոր սերունդներու մտքերը եւ սրտերը կը կազմաւորուին, յատուկ կերպով կոչ կ᾿ուղղեմ ազգի երիտասարդներուն։Ափրիկեան աւանդութեան մեծ արժէքները, Աստուծոյ խօսքին իմաստութիւնը եւ ճշմարտութիւնը եւ ձեր երիտասարդ վիճակի վեհանձն գաղափարականութիւնը՝ ձեզ առաջնորդեն ընկերութիւն մը կերտելու յանձնառութեան, որ միշտ աւելի արդար ըլլայ, ներգրաւէ բոլորը եւ մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ ըլլայ յարգալիր։ Ձեր սրտին միշտ մօտիկ ըլլան աղքատներու կարիքները. Մերժեցէք այն ամէն բան, որ կը տանի նախապաշարումի եւ խտրականութեան, որովհետեւ այս բաները Աստուծմէ չեն գար։ Ծանօթ է բոլորիս Յիսուսի առակը այն մարդու մասին, որ իր տունը կը կառուցէ աւազի՝ փոխանակ ժայռի վրայ։ Երբ հողմերը փչեցին, այն բուլ եկաւ եւ անոր կործանումը մեծ եղաւ։ (Մտթ Է. 24-27) Աստուած այն ժայռն է, որուն վրայ պէտք է կառուցենք։ Ան այսօրուան առաջին ընթերցուածին մէջ մեզի կ᾿ըսէ՝ «Միթէ ինձմէ դուրս ուրիշ Աստուած կա՞յ»։ (Ես ԽԴ. 8) 

Տէրը այս պարտականութիւնը կը յանձնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Մեզմէ կը խնդրէ ըլլալ առաքեալ աշակերտներ, այր մարդիկ եւ կիներ, որոնք կ᾿արտացոլան Աւետարանի ճշմարտութիւնը, եւ զօրութիւնը։ Այր մարդիկ եւ կիներ, որոնք խողովակներ են Տիրոջ շնորհքին, որոնք թոյլ կու տան, որ Անոր ողորմութիւնը, բարեգործութիւնը եւ ճշմարտութիւնը վերածուին այն տարրերուն, որոնք կը կառուցեն տուն մը, որ հաստատուն կը մնայ։ Տուն մը, որ օճախ մըն է, ուր եղբայրներ եւ քոյրեր կ᾿ապրին ներդաշնակութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով, հնազանդ ճշմարիտ Աստուծոյ կամքին, որ Յիսուսի միջոցաւ մեզի ցոյց տուաւ ճանապարհը այն ազատութեան եւ խաղաղութեան, որուն կը տենչան բոլոր սրտերը։ Յիսուս, Բարի Հովիւը, ժայռը, որուն վրայ կը կառուցենք մեր կեանքերը, ձեզ եւ ձեր ընտանիքները առաջնորդէ բարիի եւ ողորմածութեան ճանապարհին վրայ՝ ձեր կեանքի բոլոր օրերուն։ Ան իր խաղաղութեամբ օրհնէ Քենիայի բոլոր բնակիչները։ «Ամուր մնացէք հաւատքի մէջ. Մի վախնաք»՝ որովհետեւ դուք Տիրոջ կը պատկանիք։








All the contents on this site are copyrighted ©.